2021 թուականի Դեկտեմբերի 8-ի օրակարգին մէջ կան որոշ հարցեր` 

Առաջին կէտ

Հ2021 թուականի Դեկտեմբերի 8-ի օրակարգին մէջ կան որոշ հարցեր․

Հայկական տարածքներու շարունակական մասնատման դիտարկումը, որը կը կատարուի նոյն գործելաոճով, ինչ կատարուած է 100 տարի առաջ՝ հայկական տարածքներու նուաճում ցեղասպանական ծրագիրով։

Արեւմտեան Հայաստանի եւ Նախիջեւանի պապենական տարածքներէն ետք մասնատումը հասած է նաեւ Արցախին ու Սիւնիքին։

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կը յիշեցնէ, որ Արցախն ու Սիւնիքը հայկական տարածքներու անբաժանելի մաս են, եւ  անոնց բռնգրաւելն սկսած է շատ շուտ։

Միջազգային իրաւունքն արդեն որոշում կայացուցած է նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի համար, որուն արեւմտեան սահմանն արդեն որոշուած ​​է, իսկ արեւելեան սահմանը դեռ պէտք է որոշուի՝ համաձայն Սեւրի պայմանագիրի 92-րդ յօդուածին։

Այս առումով մենք պետութիւններուն կ՛ուղղենք աջակցելու հայ ժողովուրդի ձեռք բերուած իրաւունքներն իրականացնելու գործին, այն է ՝ նախագահ Վուտրոյ Ուիլսոնի իրաւարար վճիռը ի կատար ածելը եւ թուրքական զինուած ուժերու բոլոր հայկական տարածքներէն դուրս բերելը , որոնք արդեն ճանչցուած են 100 տարի առաջ։

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կը յիշեցնէ այդ պետութիւններու եւ մասնաւորապէս Ֆրանսիայի յանձնառութիւնը, որը 100 տարի առաջ յայտարարեց իր հաւատարմութիւնը հայկական պետութեան, այն է՝ Արեւմտեան Հայաստանի ճանաչմանը՝ ստորագրելով Սեւրի հաշտութեան պայմանագիրը։

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնն կ՛ակնկալէ, որ այդ պետութիւնները կը կատարեն իրենց պարտաւորութիւնները՝ պահպանելով  հայ ժողովուրդի օրինական իրաւունքները՝ ապրելու իրենց պապենական տարածքին։

Մի քանի կուսակցութիւններու կողմէ ստորագրուած ցանկացած փաստաթուղթ, որոնք այսօր իրենց կը վերագրեն հայ ազգի ապագան որոշելու իրաւունքը, ոչինչ է առանց Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան համաձայնութեան։

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Մինսքի խումբը չի կարող հաւաքվել  առանց Արեւմտեան Հայաստանի մասնակցութեան` 1920 թուականին ճանչցուած հայկական պետութեան շարունակութեան եւ խաղաղութեան բանակցութիւններուն հիմնական շահագրգիռ կողմի։

Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական դիւանագիտութիւնն արդեն արտայայտուած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծած երկրորդ պատերազմի ժամանակ եւ վերահաստատած է իր հայտարարութիւնը՝ Ատրպէյճանին եւ Թուրքիային միջազգային հարթակներէն հեռացնելու` ռազմական յանցագործութիւններու, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու,  ինքնիշխան տարածքներու ոտնահարման դրդապատճառով եւ արգիլուած զէնքի, բանտարկեալներու ապօրինի կալանքի, Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան կանոնադրութեան չի համապատասխանելու, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի վճիռները չի կատարելու համար:

Մասնաւորապէս, Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կը դատապարտէ ռազմագերիներու փոխանակման շանտաժը՝ ռազմավարական տեղեկատուութեան բացայայտման համար։ 

Նախկին այս գռեհիկ ու ցինիկ գործելաոճն կ՛ամրապնդէ Արեւմտեան Հայաստանի դիրքերը ահաբեկչական այս սուպյեկտներուն բացառելու հարցով։

Երկրորդ կէտ

Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կոչ կ՛ուղղէ հայկական ուժերու համընդհանուր մոբիլիզացման` համատեքստին, երբ Թուրքիոյ յարձակումները կը շարունակուին իր ատրպէյճանցի դաշնակիցի քողի տակ։

Հայ ազգի գոյութիւնը կապուած է իր ողջ տարածքի պաշտպանութեան հետ։ Այդ հասկցած են Արցախի տարածքի դէմ թուրք-ատրպէյճանական առաջին ագրեսիայի ականատեսն ու Լեոնիտ Ազգալդեանի հրամանատարութեամբ իրենց հողերը կամաւոր ազատագրող Արեւմտեան Հայաստանի որդիները։

Մի քանի տասնամեակ առաջ Արեւմտեան Հայաստանի զաւակներու մղած յաղթական պայքարը համահունչ է անոր էութեան մէջ դարբնուած հայ մարտիկի կերպարին։

Այս նոյն պայքարը 100 տարի առաջ մղած են Արեւմտեան Հայաստանի որդիները Արեւելեան լեգեոնին եւ ազատագրած են Կիլիկիան։ Նոյնպիսի յաղթական պայքար կը սպասուի Արեւմտեան Հայաստանի զաւակներուն՝ հայկական Շուշին վերադարձնելու համար եւ Արեւմտեան Հայաստանի զաւակները գիտեն, որ այդ լեգենդար ժայռն անանցանելի է թշնամիի համար։

Անուշադրութեան ոգին օտար է Արեւմտեան Հայաստանի զաւակներուն, եւ այդ պատճառով անոնք այժմ կը գտնուին առաջնագիծ՝ ապահովելու հայկական տարծքներու անվտանգութիւնը։ Համընդհանուր զօրահաւաքի կոչն ուժի մէջ մտած է 2021 թուականի Նոյեմբերի 16-ին:

Յետագայ յայտարարութիւնը կը կատարուի յառաջիկային:

Շնորհակալութիւն