Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողներն ապահոված են Արցախի Մարտունի շրջանի Մաճկալաշեն գիւղին մէջ սահմանազատման գիծի մոտ գիւղատնտեսական տարբեր մշակաբոյսերու ցանքի անվտանգ իրականացումը։ Այս մասին յայտնած է ՌԴ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը։

Շաբաթուայ ընթացքին ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողներու աջակցութեամբ աշխատաւորները աւելի քան 40 հա ցանքատարածութեան մէջ ցանած են տարբեր սորտերու սերմեր։ 

«Հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ գիւղատնտեսական նշանակութեան հողերը կը գտնուին կողմերու սահմանազատման գիծի մոտ, շրջանի վարչակազմը խնդրած է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատարութեան ապահովել աշխատանքներու անվտանգութիւնը։ Այս պահին արդեն մշակուած է 40 հեկտար տարածք»,-ըսած է ռուսական խաղաղապահ զօրախմբի ներկայացուցիչ Սերգեյ Գապէեւը։