
Արեւմտեան Հայաստանի Երեւանեան գրասենեակին մէջ Շուշի քաղաքէն բռնի տեղահանուած բնակիչներու հետ հանդիպման ժամանակ, նոյնանուն քաղաքի պատմութեան թանգարանի տնօրէն, պատմաբան Աշոտ Հարաութունեանը դիմեց Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեանը, նշելով․ «թուրք-ատրպէյճանական զօրքերու եւ միջազգային ահաբեկիչներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքի եւ այլ շրջաններու օկուպացիայի եւ ազգաբնակչութեան կեանքին վտանգ սպառնալու պատճառով հարիւրաւոր ընտանիքներ ապաստան գտած են Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, ուստի սոցիալական եւ իրաւական խնդիրներու լուծման նատակով կը խնդրենք աջակցիլ քաղաքացիներուն, եւ տրամադրել փախստականի կարգավիճակ»։
Այնուհետեւ ան անդրադարձաւ Արցախեան վերջին պատերազմին եւ անոնց հետեւանանքերուն, ինչպէս նաեւ մինչ այս պատերազմը՝ Շուշիի գրաւման բոլոր դէպքերուն, ուշադրութեան հրաւիրելով այնպիսի կարեւոր մանրամասներու վրայ, որոնք վճռորոշ եղան նաեւ այս պատերազմի ժամանակ։