Գանձախոյզները աւիրած են Արեւմտեան Հայաստանի Վանի Մուրատիէ շրջանին, Աղսորիկ լեռի ստորոտին գտնուող հայկական պատմական Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին: 

Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, որը հայերու համար չափազանց կարեւոր սրբավայր եղած է, կառուցուած է 17-րդ դարին եւ գործած է մինչեւ 1915 թ. Հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը:

Գանձախոյզներու կողմէ վերջին 50 տարին շարունակաբար աւիրուած եկեղեցին, ճիշդ է, այժմ կանգուն է, սակայն փլուզման վտանգի տակ է: