Argumenti.ru թերթը գրած է, որ ԱՄՆ-ն մտադիր է գումար ծախսել Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցի եւ ճանապարհային ցանցը բարելաւելու համար։ Այդ կը վերաբերուի Վրաստանին եւ Հայաստանին։ Առաջարկուող մայրուղիի բարեկարգման ծրագրի արժէքը ներկայիս կը գնահատուի 45 միլիոն դոլար: Այդ ցոյցը ամենեւին բարեգործութիւն կամ օգնութիւն չէ վերոնշեալ հանրապետութիւններուն։ Այդ թելադրուած է ռազմական անհրաժեշտութեամբ։ Կարծես թէ այդ պետութիւնները որոշած են լուրջօրէն իրական սպառնալիք ստեղծել Ռուսաստանի համար կովկասեան ռազմավարական ուղղութեամբ։

Ինչպէս նշած է թերթը՝ Հայաստանի պարագային արժէ լուրջ մտածել։ Այդ երկիրը ՀԱՊԿ անդամ է, այսինքն՝ Ռուսաստանի ռազմական դաշնակիցն է եւ անոր տարածքին կայ ռուսական ռազմաբազա։ 

Երկրի ճանապարհային համակարգին ներդրումներ կատարելու ԱՄՆ–ի որոշումը կը վկայէ այն մասին, որ Ուաշինգտոնն կ՛ակնկալէ այդ երկիրը եւս դարձնել նոյն հաւատարիմ գործընկերը, ինչպիսին այժմ Վրաստանն է: Այլ տարբերակ պարզապէս չկայ։