Արեւմտեան Հայաստանի Մարդին նահանգի Դարա հնագոյն քաղաք այցելած է շուրջ մէկ միլիոն տեղացի եւ օտարերկրեայ զբօսաշրջիկներ, որտեղ կը շարունակուի ընթանալ պեղումներ եւ վերականգնողական աշխատանքներ։ Այցելուներու թիւն օրէ օր կ՛աւելնայ։

Յիշեցնենք, որ Դարան՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուող կարեւորագոյն բնակավայրերէն մէկը եղած է, կառուցուած է որպէս զինուորական կայազորային քաղաք՝ Արեւելեան Հռոմէական կայսրութեան արեւելեան սահմանը Սասանյաններէն պաշտպանելու նպատակով։ 4 կիլոմեթր տարածքով երկարող պարիսպներու ներսը կառուցուած ներքին ամրոցը կը գտնուի քաղաքի հիւսիսին՝ 50 մեթր բարձրութեամբ բլուրի գագաթին։ Հնագոյն քաղաքը բաղկացած է ժայռի մէջ փորագրուած շինութիւններէն եւ զբաղեցուցած է լայն տարածք։