Պրիւսելի մէջ Ատրպէյճանի նախագահի հետ հանդիպմանը մենք վերահաստատած ենք Երասխ-Ջուլֆա-Օրդուբադ-Մեղրի-Հորադիս երկաթուղին կառուցելու մեր որոշումը եւ պայմանաւորուածութիւնը: Այս մասին Դեկտեմբերի 16-ին կառավարութեան նիստի սկիզբը յայտարարեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշիեյանը:
«Այդ պայմանաւորուածութիւնը եղած է Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմ աշխատանքային խումբի քննարկումներու արդիւնքին, որոնք նախագահած են երեք երկիրներու փոխվարչապետները: Այդ պայմանաւորուածութիւնն արձանագրուած էր Նոյեմբերի 26-ին Սոչիի մէջ: Եւ ահա Պրիւսելի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելի միջնորդութեամբ տեղի ունեցած հանդիպման արձանագրուեցաւ»,-ըսաւ ան:
Փաշինեանի խօսքով, երկաթուղին կը գործէ սահմանային եւ մաքսային միջազգայնօրէն ընդունուած կանոններու համաձայն՝ փոխադարձութեան սկզբունքով, երկիրներու ինքնիշխանութեան ու իրաւազօրութեան ներքոյ:
Նախագահ Արմենակ Աբրահամեանի խօսքով, 2005 թուականին Ջուղայի գերեզմանատան վերջնական աւիրումէն ետք մենք կանգնած ենք օրինական հայկական Նախիջեւանի վերջնական փուլին: