
Կոստանդնուպոլիսի մէջ հրատարակուող ամենահին հայկական «Ժամանակ» օրաթերթը իր 114-ամեակը նշեց տխուր խմբագրականով: Թերթը ահազանգած է՝ ֆինանսական դժուարին կացութեան մէջ եւ փակելու վտանգի առջեւ կանգած է:
Վերջին մէկ տարին թերթի միջոցները կը պակսին, վարչութիւնն ու խմբագրակազմը ամեն կերպ կը հետաձգեն տագնապի բարձրաձայնումը, սակայն հիմա ստիպուած են օգնութեան դիմել՝ վիճակը օրհասական է: Վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ խորացող տնտեսական ճգնաժամը, ինչպէս նաեւ տպագիր մամուլի հանդէպ հետաքրքրութեան նուազումը բացասաբար անդրադարձած է թերթի գործունէութեան վրայ:
Աւելի քան մէկ դար բռնազաւթուած Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բնակող հայութեան կեանքի կարեւոր դրուագները, Հայաստանի հանրապետութեան եւ տարագիր հայութեան առանցքային զարգացումները լուսաբանող պարբերականի գործունէութեան ամենակարեւոր սկզբունքը անկախութիւնն է:
Պոլսոյ «Ժամանակի» արդեն չորրորդ սերունդի խմբագիր Արա Գոչունեանի համոզմամբ` չնայած տպագիր մամուլը կը կորսնցնէ իր նշանակութիւնը, բայց անաչառ եւ ճշգրիտ լրատուութիւնը միշտ ալ պահանջուած պիտի ըլլայ: Խմբագիրը յոյս ունի, որ «Ժամանակը» դեռ հարիւրամեակներով կը շարունակէ իր առաքելութիւնը: