Մատենադարանի դիմտետրի էջին գրուած է. «Լոյս տեսած է Մատենադարանի գիտական գիծով փոխտնօրէն Կարեն Մաթեւոսեանի «Անին եւ անեցիները» աշխատութիւնը:
Միջնադարեան Հայաստանի պատմութեան մէջ Անին բացառիկ կարեւոր դեր կատարած է ոչ միայն որպէս երկրի քաղաքական ու հոգեւոր կենտրոն, Բագրատունեաց շրջանին՝ թագաւորանիստ եւ կաթողիկոսանիստ, այլեւ քաղաքային կեանքի, տնտեսութեան, արհեստներու ու առեւտուրի, մշակոյթի եւ արուեստի զարգացման առաջնակարգ վայր:
Գիրքը բաղկացած է երկու մասէ. առաջինը նուիրուած է քաղաքի պատմութեան, մշակոյթին, քաղաքի ընդգրկման, կը ներկայացուին նաեւ Անիի մերձակայ վանքերն ու բերդերը։
Երկրորդ մասը նուիրուած է անեցիներուն՝ թագաւորական ընտանիքի անդամներէն ու ազնուական տոհմերէն սկսած մինչեւ մեծաթիւ քաղաքային դասը:
Նշենք, որ 2016 թ. Անին ընդգրկուած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին, որը մեծցուցած է հետաքրքրութիւնը անոր նկատմամբ։ Ուստի շատ կարեւոր է Անիի պատմական, մշակութային, քաղաքակրթական դերի նորովի ուսումնասիրութիւնը եւ ներկայացումը։