Արեւմտեան Հայաստանի Երեւանեան գրասենեակին մէջ կազմակերպուած յատուկ միջոցառման  ընթացքին Արեւմտեան Հայաստանի նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը  խօսեցաւ Արցախեան առաջին պատերազմի դժուարութիւններու մասին, որուն ինքն անձամբ մասնակից եղած է, համեմատալով վերջին պատերազմին հետ։ Վերյիշեց թէ ինչպէս հանդիպեցաւ իր լեգենդար հրամանատարին եւ միասին կազմեցին Շուշիի գունդը, որմէ ետք ան սկսաւ մարզել մարտիկներուն եւ պատրաստել պատերազմին։ Պարոն Աբրահամեանը իր խօսքին մէջ նշեց որ Շուշին օգնեց ետ բերել Արեւմտեան Հայաստանի շունչը, սակայն, ցաւօք սրտի շուշեցիները եւս անմասն չմանացին ցեղասպանութենէն։