30 տարի առաջ՝ 1991թ. Դեկտեմբերի 28-ին կայացած ընտրութիւններու արդիւնքին կազմաւորուած է նորաստեղծ հանրապետութեան օրենսդիր մարմինը՝ Գերագոյն խորհուրդը, որը 1992 թուականի Յունուարի 6-ի անդրանիկ նիստի ժամանակ ընդունած է Արցախիի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակագիրը՝ ելնելով ժողովուրդի ինքնորոշման անկապտելի իրաւունքէն, հենուելով Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդի ազատ կամքի վրայ։ Անկախութեան հռչակագիրին Ատրպէյճանը պատասխանած է երեք պատերազմով։ Պատմութեան քառուղիներուն մաքառած հայ ժողովուրդի գոյութիւնն ու փրկութիւնը մշտապէս պայմանաւորուած էր հայութեան համախմբուածութեամբ եւ միակամութեամբ։ Մեր ապրելակերպով եւ հաստատակամութեամբ պէտք է տեր կանգնինք ճակատագրօրէն մեզի վիճակուած հայրենիքին եւ հետեւողականօրէն պայքարինք մեր իրաւունքներու պաշպանութեան համար։ Մեր կամքն ու նպատակները անշեղելի են եւ ենթակայ չեն զիջելու։ Համայն հայութեանը միասնականութեան, փոխըմբռնման եւ հանդուրժողականութեան կոչ կ՛ուղղենք։
ԱՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժին: