Արեւմտեան Հայաստանի Տիգրանակերտի Տիջլէ համալսարանի անասնաբուժական ֆակուլտետի դոցենտ Ալաեդին Քայան նշած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի հարաւային շրջաններուն մէջ վայրի բնութիւնը վտանգի տակ է։ Ան ահազանգած է, որ բնութեան մէջ այլեւս չեն երեւիր վայրի կենդանիներու որոշ տեսակներ, որու պատճառը արգիլուած որսն ու բնակավայրերու դեգրադացիան է։

Աւելի քան 250 վիրաւոր կենդանիներ տեղափոխուած են ՝՝Տիջլէ՝՝ վայրի բնութեան փրկարարական եւ վերականգնողական կենտրոն։  Պարզուած է, որ կենդանիներուն՝ հիմնականը գիշատիչ թռչուններ, որսորդները կրակած են հրազենով՝ չնայած արգելքին։