Արեւմտեան Հայաստանի Վանի Գեւաշ գաւառին մէջ գտնուող պատմական Կարմրավանք վանական համալիրին մէջ կառուցուած Կարմիր եկեղեցին (Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի) մնացած է բախտի քմահաճոյքին։ 10-րդ դարին կառուցուած եկեղեցին հիմնովին աւիրուելու վտանգի առջեւ է եւ պաշտպանութեան կարիք ունի: Վասպուրականի Գագիկ Ա թագաւորի կողմէ բարձր լեռներու արանքը կառուցուած այս հոյակերտ տաճարը բազմիցս աւիրուած ու ենթարկուած է գանձախոյզներու թալանին:
Եկեղեցին, որը վնասուած էր 1895-ի Համիտեան ջարդերու ժամանակ, մեծ վնաս կրած է նաեւ 1915-ին հայերու դէմ իրականացուած ցեղասպանութեան ընթացքին։ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու աքսորէն եւ սպաննութենէն ետք լիովին անտերութեան մատնուած է։
Ուշագրաւ է այն փաստը, որ թէ եւ եկեղեցին կը գտնուի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան պահպանութեան տակ, սակայն վերականգնուելու աշխատանքներ չի կատարուիր: