
Շուշիի մէջ գործող պետական ու մասնաւոր թանգարաններէն, պատկերասրահներէն 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ ոչ մէկ բան չէ տարհանուած, մնացած է արտրպէյճանցիներուն ՝ գորգերէն բացի:
Նախորդ տարուայ Փետրուարին Շուշիի գորգերու ժամանակաւոր ցուցադրութիւն բացուեցաւ Երեւանի Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան թանգարան-ինստիտուտին մէջ: Գորգերու թանգարանի հիմնադիրն կ՛ըսէ՝ ինքն ու, Թամանեանի թանգարանի տնօրէն Մարկ Գրիգորեանն յոյս ունեցած են, որ մշտական անկիւն մը կը գտնուի Շուշիի գորգերու համար, բայց չի գտնուեցաւ: Գորգերու թանգարանի հիմնադիրն կ՛ըսէ՝ այս ժառանգութենէն կարողացած է Հայաստան ուղարկել 300 գորգերու կէսը, եւ այդ կէսն այժմ անտուն մնացած է:
Արցախի մշակոյթի նախարար Լուսինէ Ղարախանեանը շեշտած է՝ գորգերը անպայման կը տեղափոխուին Արցախ, պարզապէս այս պահին շինութիւններու պակաս ունին։ Անոր խօսքով՝ նաեւ Շուշիի գորգերով Արցախի հայկականութիւնը կը պահպանուի։
Ի դէպ՝ Ատրպէյճանն արդեն ԵՈւՆԵՍԿՕ հասցուցած է բողոքը, թէ այս ամենը առեւանգուած ատրպէյճանական մշակոյթ է: