Ֆրանսիան 1920 թուականին ոչ միայն Դաշնակիցներու Գերագոյն խորհուրդի անդամ եղած է, այլեւ նախագահած այն:

1920 թուականի Ապրիլին Սան Ռեմոյի կոնֆերանսի շրջանակներուն Ֆրանսիան արդեն ընդունած է 1920 թուականի Մարտի 22-էն 26-ը Շուշիի շրջանին հայերու դէմ իրագործուած ջարդերուն յաջորդած պատմական, իրաւական եւ քաղաքական այն փաստը, որ Արցախը դարձած է 1920 թ. Հայաստանի Հանրապետութեան անբաժանելի մասը։ 

Ֆրանսիան ստորագրեց Միջազգային խաղաղութեան դաշնագիրը Սեւրի մէջ եւ ինքն ստացաւ վավերագրերը։

Ատրպէյճանի նախագահը, իրականութեան, կը սպառնայ ոչ միայն տիկին Վալերի Պեկրեսին, այլեւ բոլոր ֆրանսիացի կամ այլ ընտրուած պաշտօնեաներուն, ովքեր կը մեկնին Ատրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած Արցախ (Ղարաբաղ):

Վաղուց ժամանակն է, որ Ֆրանսիան պատճառ գտնէ վավերացնելու համար Սեւրի դաշնագիրը եւ պաշտպանէ ոչ միայն արցախահայութեանը, այլեւ ֆրանսիացի ընտրուած պաշտօնեաներուն, ովքեր կը ծրագրեն օգնել վերջին արցախեան պատերազմի ժամանակ տուժած հայերու ընտանիքներուն։

14.01.2022

 Արմենակ Աբրահամեան ԱՀՀ Նախագահ