Մուսա Լեռը կը գտնուէր/կը գտնուի սուրբ գրային Անտիոք քաղաքին հարաւ-արևմուտքը (ներկայիս Անթաքիա՝ Արևմտյան Հայաստանում), որ կը նայի Միջերկրական ծովուն: նա կը բաղկանար հիմնական վեց հայկական գիւղերէ՝ Պիթիաս, Հաճի Հապիպլի, Եողունոլուք, Խըտըր Պէկ, Վագըֆ և Քապուսիէ:

Մուսա լեռցիներուն ճնշող մեծամասնութիւնը բնակարանատէր էր: 11 Յուլիս 1939-ին կատարուած հետազօտութիւն մը նկատառելի մանրամասնութիւններ կու տայ տուներուն,պարէզներուն եւ դաշտերուն վերաբերեալ: Հաւանաբար, հետազօտութիւնը պատուիրուած էր ֆրանսացիներուն եւ կատարուած մուսա լեռցիներուն կողմէ՝ 23 Յուլիս 1939-էն առաջ Սանճաքի շրջանէն զանգուածային պարպումի ժամանակ, հայերու անշարժ եւ շարժուն գոյքերու քանակին, չափին ու արժէքին, ինչպէս նաև՝ դրամական ունեցուածքին մասին արձանագրութիւն պահելու նպատակով: Ուղեկից բացատրութիւններու կամ յստակացումներու բացակայութեան պատճառով, յիշեալ հետազօտութեան մէջ նշուած թիւերուն մեթոտաբանութիւնն ու ճշգրտութիւնը կը մնան հարցական: 

Նշուած հետազօտութեան համաձայն՝ Պիթիասի մէջ եղած է 367 տուն 907 սենեակով, միջին հաշուով 2.47 սենեակ մէկ տան համար: Քսաներեք ընտանիք (8%) բնակարան չէ ունեցած: Անոնք կա’մ ամէնէն աղքատ խաւին մաս կը կազմէին եւ կ’ապրէին դատարկ կամ լքուած տուներու մէջ (սովորաբար Միացեալ Նահանգներ գաղթած անձերուպատկանող) առանց վարձքի, կամ ալ օտարներէին, որոնք գործով հոն կը գտնուէին: Յաւելեալ տեղեկութիւններու բացակայութեան պատճառով, 1939-ին կատարուած երկու հաշուարկումներուն միջև ի յայտ եկած 83 բնակարաններու տարբերութիւնը կարելի չէ բացատրել:

Ամբողջական յօդուածը հասանելի է հետեւեալ հղումով:

Քարտէսներ | Հալէպի վիլայէթ | Մուսա Լեռ | Տեղական յատկանիշներ | Տուն ու ճարտարապետութիւն :: Houshamadyan – a project to reconstruct Ottoman Armenian town and village life