19-20-րդ դարերուն Արեւմտեան Հայաստանի Մարաշի բնակլիմայական պայմանները, առողջարար օդը, ջրառատ բնութիւնը, սննդեղէնի առատութիւնն ու անարատութիւնը բարերար ազդեցութիւն ունեցած են տեղւոյն բնակչութեան առողջական վիճակին վրայ: Սակայն, ջրաբաշխական նախնական դրութիւնը, կանխարգելիչ միջոցներու, առաւել՝ մաքրութեան բացակայութիւնը, պատճառ կ’ըլլան, որպէսզի ախտավարակ հիւանդութիւնները արագօրէն տարածուին քաղաքին մէջ: Յատկապէս ջուրով փոխանցուող հիւանդութիւնները մեծ աւերներ կը գործեն, բազմաթիւ կեանքեր խլելով բնակիչներէն:
Մարաշի մէջ նոյնպէս հին ժամանակ բժիշկներ չեն եղած եւ այդ դերը մասամբ կատարած են բժշկական որոշ գիտելիքներ եւ փորձ ունեցող անձնաւորութիւններ, որոնք բուժման հնաւանդ եղանակներով կը յաջողէին տարասեռ հիւանդութիւններ բուժել: Դժբախտաբար, շատ բան կորսուած ու մոռցուած է անցեալի այդ փորձառութիւններէն։
Այնուամենայնիվ, մարաշցի տարեցներու վկայութեամբ, շարք մը ընտանիքներու մոտ մինչեւ վերջին ժամանակները կային «Հէքիմարան» անունով ձեռագիր գիրքեր, որոնց մէջ գրուած են բազմաթիւ դեղագիրներ: