2020թ. Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ յայտարարութենէն ետք մինչեւ 2022 թուականի Յունուարի 1 Արցախի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող հայկական բնակավայրերուն հարակից հատուածները տեղակայուած ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ արցախահայութեան նկատմամբ կատարուած է 69 յանցագործութիւն, որոնց կապակցութեամբ հարուցուած է ընդհանուր 54 քրէական գործ:
Այս մասին տեղեկացուցած է Արցախի Հանրապետութեան դատախազութիւնը:
Տուեալները կը փաստեն, որ եռակողմ յայտարարութենէն ետք ատրպէյճանը պարբերաբար կը խախտէ «կրակի ու ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադարեցման» պայմանը, որու հետեւանքով կը սպաննուին մարդիկ, կը խախտուի եւ կը ճնշուի մարդու գոյութեան ու ապրելու համար անհրաժեշտ պարզագոյն իրաւունքներ:
«Ատրպէյճանի ահաբեկչական ու ցեղասպան գործողութիւններու ընդարձակումը զսպող գործոններ կը շարունակեն դարձեալ մնալ հայ զինուորը եւ ռուսական խաղաղապահ ուժերը»,- կ՛ըսուի Արցախի Հանրապետութեան դատախազութեան հաղորդագրութեան մէջ: