Պոլսահայ երգչուհի Մարալ Այվազը բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի 170-ամեայ յոբելեանի առիթով անոր հանրայայտ «Տրտունջք» ստեղծագործութեան հիման վրայ երգ թողարկած է: Հոլովակն արդեն Մարալ Այվազի YouTube-ի պաշտօնական ալիքին հասանելի է:
Երգչուհին այն կը ձոնէ անոնց, ովքեր զոհած են իրենց կեանքը՝ կատարելով իրենց զինուորական պարտականութիւնը:
«Տրտունջք» ստեղծագործութիւնը երգի վերածած է Նորայր Տէմիրճին: Այս ստեղծագործութիւնը վաղամեռիկ բանաստեղծի նշանաւոր գործերէն է, որու իւրաքանչիւր տող կ՛արտայայտէ հեղինակի անհուն հառաչանքը: «Տրտունջք»-ը Դուրեանի հրաժեշտի խօսքն է, որու միջոցով ան թշվառ հոգիներու անլսելի, ողբալի ձայնը լսելի կը դառձնէ բանաստեղծական տպաւորիչ մեկնաբանութիւններով: