
Հայ ազգն իր հազարամեայ պատմութեան ընթացքին ունեցած է վերելքի եւ ժամանակաւոր վայրէչքի ժամանակահատուածներ: Հայը քաղաքակրթութեան օրրանին ձեւաւորուած եւ սեփական լեզուամտածողութիւն ձեռք բերած ազգ է՝ ով շատ մեծ աւանդ ունի համաշխարհային մշակոյթի արժեհամակարգին եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ այդ առաքելութիւնը՝ որն ի վերուստ տրուած է անոր ճակատագրի կամ նախախնամութեան կողմէ:
Հայկական բարձրաւանդակի ամեն մէկ մասը մէկ մեթր իսկ խորութեամբ պեղելու ժամանակ՝ կը բացուին մշակութային ժառանգութեան գանձեր: Այս ամենը հայ ազգը պահած եւ պահպանած է մեծ ջանքերու եւ ցաւօք՝ հաճախ՝ նաեւ մարդկային կորուստներու գինով: Իրայդ հազարամեայ պատմութեան ընթացքին ան երբեք չէ յուահատուած եւ սեփական ազգին հասցուցած է մեր թուարկութեան քսանմէկ երրորդ դար:
Համաշխարհային պատմութիւնը եւս լի է վերի վայրներով եւ այդ ճանապարհին անընդատ ստեղծուած եւ վերացած են բազմաթիւ մշակութային շերտեր եւ անոնց կրողներ: Հայ ազգը ձեւաւորուած է տարածքի մէջ, որը կը կոչուի Հայկական բարձրաւանդակ, որտեղ ըստ առասպելներու եղած է դրախտը՝ որտեղ եւ ձեւաւորուած է Մարդ արարածը: Ահա այդ իսկ պատճառով հայերու բնօրրանը մինչեւ այսօր կռվախնձոր է սեփական պատմութիւնն ու մշակոյթը չունեցող ժողովուրդներու համար:
Դարեր շարունակ ցանկացած են ոչնչացնել կամ տիրանալ հայ ազգի պատմութեանն ու հարուստ մշակոյթին: Չեն խորշել նաեւ հայերու ֆիզիկական ոչնչացման գաղափարէն եւ մինչ օրս շարք մը՝ նախկինում քոչվոր, իսկ այժմ ուրիշներէն զաւթած հողերու վրայ ձեւաւորուած եւ այլ մարդկանց կողմէ՝ ելնելով աշխարհաքաղաքական դրդապատճառներէն,արհեստականօրէն ստեղծուած պետական միաւորները կը շարունակեն իրենց հայատեաց քաղաքականութիւնը:
Պատմութիւնը կեղծելն ու ուրիշի մշակոյթին տիրանալը կը կրէ ժամանակաւոր բնոյթ: Ճշմարտութիւնն ուշ թէ շուտ կը բացայայտուի: Հայ ժողովուրդը լուռ ու մունջ չի սպասեր պատմութեան դատաստանին:
Ան արժանապատիւ պայքարած է սեփական իրաւունքներու համար եւ չի դադրիր շարունակելու նաեւ այսօր: Մենք գիտենք, որ այն ամենն ինչ մեզ պատկանած է եւ կը պատկանի՝ երբեք օտարին չ՛ըլլար: Կայ Հայաստանպետութիւնն ու հայ ազգը՝ ով բարձր պահած է իր պետականութեան դրոշը, կը շարունակէ բարձրաձայնել իր բռնագրաւուած հայրենիքի ազատագրման եւ պահանջատիրութեան հարցը:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ՝ 1916թ. Ֆրանսիայի կողմէ ստեղծուեցաւ Արեւելեան լեգեոնը՝ որը մասնակցեցաւ մերձաւոր արեւելքի երկիրներու ազատագրմանը՝ Լիբանան, Սուրիայ, Պաղեստին եւ հայկական Կիլիկիայ։
1919թ. Փետրուարի 1-ին ստեղծուեցաւ Հայկական լեգեոնն, որը մինչեւ 1920թ. Օգոստոսի 4-ը Կիլիկիան ամբողջովին ազատագրեց թուրքերէն եւ հայերը հռչակեցին Կիլիկիայի անկախութիւնը՝ Ֆրանսիայի մանդատի ներքոյ: ԱնկախացածԿիլիկիան ունեցաւ ինքնավարութեան ղեկավարմարմիններ, որը ղեկավարում էր ՄիհրանՏամատյանը:
Հայկական լեգեոնին,իսկ մինչ այդ՝ Արեւելեանին՝անդամագրուած էին թուրքական ջարդերէն մազապուրծ փրկուած եւ աշխարհասփիւռ 5000-էն աւելի հայեր ողջ աշխարհէն ՝թողնելով անգամ իրենց բարեկեցիկ կեանքն ու բարձր սոցիալական դիրքը եւ նուիրաբերուած Հայրենիքի ազատագրութեան սուրբ գործին: 1920թ. Յուլիսի 1-ին՝ Կիլիկիան ազատագրուելէ ետք, Հայկական լեգեոնը լուծարուեցաւ ֆրանսիացիներու կողմէ, եւ այնուհետ Կիլիկիան յանձնուեցաւ Թուրքիային:
Պողոս Նուպար Փաշան եւ շարք մը այլ ազգային գործիչներ, որոնք մեծ աւանդ ունեցած են այս գործին, ինչպէս նախկին նուիրեալները՝ զբաղուած եղած են հայկական պետականութեան վերականգնման հարցերով,որու արդիւնքին Հայաստան պետութիւնը միջազգային ճանաչում ստացաւ: Հայ ազգի զաւակները չէին կարող հանգիստ նստիլ ու սպասել, որ օտարները իրենց փոխարեն լուծեն իրենց հարցերը: Ստեղծուեցաւ Նեմեսիս ծրագիրը, որը բարձրաձայնեց,որ ոչ մէկ գործողութիւն մոռցուած չէ եւ բոլորը պատասխան պիտի տան:Այդ գործողութիւնները շարունակուեցան մինչեւ 20-րդ դարի առաջին կէսը:
Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք, երբ կրկին արդիական դարձաւ աշխարհի նոր քաղաքական բաժինի հարցը, հայ ժողովուրդը հասկցաւ, որ այն պիտի ձեւաւորուի Հայաստան պետութեան տարացքներու հաշուին եւ սկսաւ ազատագրական պայքարի նոր շրջանը:
Գուրգեն Եանիկեանն՝ ով թուրքական ջարդերու ժամանակ կորսնցուցած էր իր ընտանիքն ու գերդաստանը, որոշեց բարձրաձայնել հայերու իրաւունքներու ու պահանջատիրութեան մասին: Ան իր գործողութենէն ետք բանտէն կոչով դիմած էր ազգային կուսակցութիւններուն ու ողջ հայութեանը՝ շարունակելու իր սկսած գործը: Անոր արձագանքեցին միայն խումբ մը հայ երիտասարդներ,որոնք այցելեցին անոր բանտի մէջ եւ ետքը յայտարարեցին Հայաստանի Ազատագրման Հայ Գաղտնի Բանակի/ASALA/ ստեղծման մասին:
Ասալան շարունակեց եւ ինչպէս Արեւմտեան Հայաստանի զինուած ուժերը՝ կը շարունակեն Հայկական լեգեոնի գործը, որը չի հասաւ աւարտին հասցնել ամբողջական Հայաստանի ազատագրուիլը:
1920թ. դե ֆակտո եւ դե յուրե ճանչցուած Հայաստան պետութեան շարունակականութիւնը հանդիսացող Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր եւս կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ Նուպար Փաշայի եւ Հայրենիքի նուիրեալներու կողմէ ստեղծուած Պետութեան արժէքներուն եւ ի լուր աշխարհին կը յայտարարէ, որ օտարները չեն կարող մեր փոխարեն՝ եւ առաւել եւս՝ առանց մեզի, լուծել ողջ ազգի ճակատագիրը՝ ով արդեն կը գիտակցի իր տեղն ու դերը համաշխարհային մշակոյթի զարգացման եւ աշխարհաքաղաքական հարցերն լուծելու եւ նորբքաղաքական քարտէսի ձեւաւորման հարցով:
Քսանմէկերորդ դարին ոչ միայն բնակլիմայական պայմաններն փոխուած են, ալյեւ կեանքի ընթացք փոխուած է: Կեանքը սկսած է այլ հունով ընդանալ: Մարդկութիւնը կը փոխոէ իր արժեհամակարգը, կը վերանայի կարծրատիպերը կեղծ տեղեկութիւններէ։ Կը սկսուի ինքնուրոյն դատողութիւններ ու վերլուծութիւններ կատարել, փնտրել իր տեղն աշխարհաքաղաքական գործընթացներուն, վերադառնալ իր արմատներուն ու կոչմանը եւ հասկնալ, որ իր անմիջական մասնակցութիւնն ընթացող գործընթացներուն անհրաժեշտութիւն է:
Մենք պէտք է կարողանանք հասցնել սրընթաց զարգացող գոծընթացները ճիշտ գնահատել ու վերլուծել՝ դուրս չմնալու համար սեփական ճակատագիրը տնօրինելու գործընթացէն:
Այս ամենը լաւ հասկանալով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակելով իր նախորդներու գործը՝ հստակ կը գիտակցի, որ վերցուցած է հսկայական պատասխանատուութիւն՝ ներկայացնելու նախնիներու գործն ու այն իր հանգրուանին հասցնելու համար: Ուրախութեամբ կը նշենք, որ Արեւմտեան Հայաստանն արդեն կայացուցած է իր պետական ինստիտուտները, համակարգերը, կապը տասնեակ միլիոնաւոր հայերու հետ, որոնք անկախ անկէ թէ քրիստոնեայ են, այլ դաւանանքի կամ կը խօսին օտար լեզուներով, կամ նոր կը վերադառնան իրենց արմատներուն՝ միեւնոյնն է ՝ հայ են եւ Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքացիներ են ու մասնակցութիւն ունին պետականաշինութեան գործին:
Մենք սիրով կ՛ընդունինք բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք ճակատագրի բերումով յայտնուած են Հայկական բարձրաւանդակին եւ կը բնակուին ԱրեւմտեանՀայաստանի մէջ:
Վերջացնելով խօսքս՝ մէկ անգամ եւս կը ցանկանքմ շնորհաւորել բոլորիս այսօրուայ խորհուրդի՝ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼԵԳԵՈՆՆ ստեղծելու առիթով եւ կը ցանկանամ բոլորիս զգոնութիւն, Հայրենիքի ապագայի հանդէպ մեծ պատասխանատուութեան զգացողութիւն ու այդ աշխատանքին լծուելու կամք եւուժ։