Արեւմտեան Հայաստանի պատմական Տիգրանակերտ քաղաքի  հնագոյն Սուր թաղամասի բնակելի տարածքները բռնութեամբ օտարացած իսկական տերերէն, իսկ վերակառուցուած տարածքներն ամբողջութեամբ վերածուած են եւ կը շարունակեն վերածել վարձակալութեամբ տարածքներու։ Նոր սերունդը չի ճանչնար իր քաղաքի՝ անցեալի մնացած մշակոյթը։

Տիգրանակերտի քանդուած տուներու տեղ կառուցուած 52 աշխատատեղերը մրցոյթով տուած են նոր տերերուն՝ առանց հաշուի առնելու այդ թաղամասի նախկին բնակիչներու կարծիքն ու իրավունքները։ Բնակարաններու նախկին տերերը փաստացի մնացած են դէմ հանդիման իրենց նախկին տարածքներու նոր տերերու հետ, ովքեր գերիշխած են թէ նիւթապէս  թէ պետական աջակցութեամբ։ Անոնք ստիպուած են ինքնուրոյն հոգալ իրենց նոր կացարանի հարցերը։