
2022թ. Մարտի 16-ին Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան խօսնակ Անուշ Հարութունեանը իր յայտարարութեան մէջ խօսած է Արեւմտեան Հայաստանի կառավառութեան կողմէ շնորհուած մետալներու եւ շքանշաններու մասին, որոնք ինչպէս յանձնուած են մարտական գործողութիւններու մասնակիցներուն, նոյնպէս կը յանձնուին Արեւմտեան Հայաստանի կայացման ու անոր բարգավաճելու գործին ցուցաբերած ծառայութիւններու համար:
Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնը կը յայտնէ, որ Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւնն կ՛ընդլայնէ պետութեան մատուցած ծառայութիւններու համար պարգեւատրելու շրջանակը:
2022թ. Փետրուարի 25-ին նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը ստորագրեց հրամանագիր՝ Պողոս Նուպար մետալ թողարկելու վերաբերեալ:
Արեւմտեան Հայաստանը 2014թ. արդեն թողարկած էր Արեւմտեան Հայաստանին մատուցած զինուորական ծառայութիւններու համար շնորհուած Հայկական Լեգեոնի Սուր Խաչ մետալը, որը կը ներկայացնէ ոսկեգոյն էմալապատ խաչ, որով պարգեւատրուած են 20-է աւելի քաջորդիներ:
Պողոս Նուպար մետալը կը կրէ մեծագոյն հայորդիի՝ Պողոս Նուպարի անունը, ով կանգնած է Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութիւմնն ստեղծելու ակունքներուն: Պողոս Նուպարի ջանքերով, 1919թ. ստեղծուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որը ճանչցուեցաւ քսանէ աւելի պետութիւններու կողմէ: Մետալը կը ներկայացնէ սկավառակ, որու վրայ տպուած է Արեւմտեան Հայաստանի ոսկեգոյն զինանշանը ՝ էմալապատ ճառագայթներով:
Արեւմտեան Հայաստանը՝ ըլլալով նշուած պետութեան շարունակականը, պատուով կը կատար է իր առաքելութիւնը եւ կը շարունակէ այն մեծ գործը, որն սկսած էր Պողոս Նուպար Փաշան: Արեւմտեան Հայաստանը այսուհետ իր երախտիքն ու մեծարումն պիտի արտայայտէ այս մետալի միջոցով՝ պարգեւատրելով բոլորին, ովքեր ծառայութիւն մատուցած են ու կը մատուցեն Արեւմտեան Հայաստանին միջազգային ասպարեզի եւ կ՛ունենան իրենց ներդրումը պետականաշինութեան գործին:
Մետալը կը յանձնուի Արեւմտեան Հայաստանի նախագահի կողմէ կազմուած հատուկ յանձնաժողովի որոշումով եւ կը վավերացուի նախագահի ստորագրութեամբ:
2022 թ․ Մարտի 14