Ռուսաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իրենք կը լքեն Եւրախորհուրդը, եւ այդ ծանուցումը փոխանցուած է գլխաւոր քարտուղար Մարիա Պեյչինովիչ Պուրիչին։ 

Ընդգծելով, որ որոշումը փոխանցուած է ԵԽ գլխաւոր քարտուղարին, յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Այս պայմաններով մեր երկիրը չի մնար Եւրախորհրդի մէջ։  Մարտի 15-ին Գլխաւոր քարտուղար Մարիա Պեյչինովիչ Բուրիչին ծանուցած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը դուրս  կուգայ կազմակերպութենէն»։

Դուրս գալով ԵԽ-էն՝ Ռուսաստանը ստիպուած կ՛ըլլայ դենոնսացիայի ենթարկել նաեւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական կոնվենցիան։ Այդ մասին յայտարարած է ՌԴ  խորհուրդի փոխ խօսնակ Կոնստանտին Կոսաչովը։ Եւրոպայի խորհուրդն իր հերթին մտադիր էր հեռացնել ՌԴ-ին իր շարքերէն։ Այդ մասին յայտարարած են Մարտի 14-ին Ստրասպուրկի մէջ՝ ԵԽԽՎ նստաշրջանի ընթացքին։