ՀՀ կառավարութեան հաստատմանն ներկայացուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան 2010 թուականի Մարտի 11-ի N 310-Ա որոշման մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին» ՀՀ կառավարութեան որոշման նախագիծը:

Որոշման նախագիծով՝ Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան արժեքներու ցանկը, որը կազմուած էր 45 տարրերէ, կը համալրուի եւս 6-ով: Անոնք են՝ «Ասեղնագործութիւն», «Վայրի բոյսեր եւ պտուղներ հաւաքելու աւանդոյթը ՀՀ Տաւուշի մարզի համայնքներուն մէջ», «Սար գնալ. հեռագնայ անասնապահութեան մշակոյթի աւանդոյթը ՀՀ Տավուշի մարզին», «Շիրակի մարզի չեչիլ եւ հիւսած պանիրներու պատրաստման աւանդոյթը», «Քիավառի փախլավայի պատրաստման եւ կիրառման աւանդոյթը», «Ճախաթթուի (ճըխըթթո) պատրաստում» արժէքները: Միեւնոյն որոշմամբ լրամշակուած են նախկին ժամանակ գրանցուած Տերընդեզ եւ Վարդավառ տօներու մասին տեղեկութիւնները: