
Մարտի 28-ին՝ ժամը 12։00 դրութեամբ օպերատիվ-մարտավարական իրադրութիւնը շփման գիծի ամբողջ երկայնքով, այդ թիւին` նաեւ շփման գիծի արեւելեան հատուածին, յարաբերական կայուն է, հրադադարի էական խախտումներ չէ արձանագրուած, յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտապը։
Ըստ հաղորդագրութեան, Ասկերանի շրջանի Փառուխ գիւղն այժմ կը գտնուի Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրակազմի վերահսկողութեան գոտիին։
«Շնորհիւ Արցախի զինուած ուժերու խիզախ ջանքերու՝ հայկական կողմին յաջողուած է կասեցնել ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու առաջխաղացումը եւ պահպանած է Քարագլուխ լեռի հիմնական մասի հանդէպ տիրապետումը», – յայտնած է Արցախի տեղեկատուական շտապը՝ նշելով, որ ատրպէյճանական զօրքերը կը շարունակեն մնալ Քարագլուխի հատուածի մէջ ամրացուած դիրքերը։
Արեւմտեան Հայաստանը կը դատապարտէ ագրեսիան իր ինքնիշխան տարածքի դէմ եւ կը յիշեցնէ Ատրպէյճանին յարգել միջազգային իրաւունքը։
Ադրպէյճանը պետութիւն մըն է, երբ Սեւրի Դաշնագիրն ստորագրելու ժամանակ տեղեկացուած է, որ ցանկացած ագրեսիա Արեւմտեան Հայաստանի եւ անոր բնակչութեան նկատմամբ կասկածի տակ կը դնէ անոր՝ որպէս պետութեան լեգիտիմութիւնը։