
Թուրքական «Հաբեր գլոբալ» ալիքը կը պնդէ, որ Հայաստանը Ռուսաստանին փոխանցած է 4 ՍՈՒ-30 ռազմական ինքնաթիռ՝ անոնք Ուկրաինայի դէմ ռազմական գործողութիւններուն մէջ օգտագործելու համար՝ հղում կատարելով թուրքական հետախուզութեան աղբիւրներուն։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ այս պնդումները իրականութեան հետ կապ չունին։
ՊՆ հաղորդագրութեան համաձայն՝ այս բոլոր օդանաւներն իրենց ողջ տեխնիկայով Հայաստանի մէջ կը գտնուին եւ ոչ մէկ տեղ չեն մեկնիր։
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյնպէս հերքած է նոյն հեռուստաալիքով հեռարձակուած այն պնդումները, թէ Սուրիայէն վարձկաններ Հայաստանով անցած են Ուքրանիա եւ կռուած են Ռուսաստանի կողմէ։
Արեւմտեան Հայաստանը իր դժգոհութիւնն յայտնած է այս ստահոդ տեղեկութեան առնչութեամբ եւ կ՛ուզէ յիշեցնել բռնազաւթիչ թուրքական պետութեանը, որ սուրիացի վարձկաններուն պատերազմի մէջ ներգրաւելու ոճը հարիր է միայն իրեն եւ իր ՝՝փոքր եղբայր՝՝ Ատրպէյճանին։