
Western Armenia TV-ի եթերով, թուրքագետ Տիրան Լոքմակոզեանը վերլուծեց ռուս-ուքրանիական պատերազմին Թուրքիայի դիրքորոշումը, նշելով, որ Թուրքիան իրեն դասական կերպով կը պահէ, քանի որ ՆԱՏՕ-ի անդամ է եւ Արեւմտեան բլոկի մաս կը կազմի։ Ան իր գործողութիւններով ցոյց տուաւ, որ Ուքրանիայի կողմէ եւ չ՛ընդունի Ռուսաստանի կատարած գործողութիւնները եւ պահանջները, նոյնիսկ օգնեց Ուքրանիային բայրաքթարներով եւ այլ զէնք-զինամթերքով, սակայն միւս կողմէ Թուրքիան չմասնակցեց Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներուն։ Սա տիպիկ թուրքական մոտեցում է՝ խաղալ երկու լարիի վրայ, եւ այս այն ակտիվ չեզոքութիւնն է, որմէ կարելի է սովորել դիւանագիտական կամ քաղաքական առումով։ Հնարաւոր է, որ Թուրքիայի այս քայլերը համաձայնեցուած են արեւմուտքի հետ, եւ անոր կ՛օգտագործեն որպէս «վերջին կամուրջ»։ Անդրադառնալով ռուսական կազի համար վճարումները ռուպլիով ընդունելու հիմնական պատճառին, ան նշեց, որ այդ կերպ փորձ է արվում հակազդել արեւեմուտքի պատժամիջոցներուն, որն այնուամենայնիւ մեծ ռիսկեր կը պարունակէ իր մէջ։ Այս պարագային արեւմուտքը երկակի ստանդարտներով կ՛առաջնորդուի՝ Ռուսաստանի նկատմամբ կը կիրառեն ընդհանուր պատժամիջոցներ, սակայն իրենց վնասող հարցերով պատժամիջոցներ չեն կիրառեր։