
Հայերու նախաքրիստոնէական եւ ապա՝ քրիստոնեայ հաւատքին մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցած է Մեծ Պահքը, Ծաղկազարդը, Աւագ Շաբաթը եւ Զատկի հետ կապուած սովորոյթներն ու աւանդութիւնները, որոնք շուքով նշուած են նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի Մուսա Լեռին շրջակայքի գիւղերուն մէջ։ Մեծ Պահքի սկզբնական շրջանի աւանդոյթներէն էր հատիկը։ Ծաղկազարդը, ինչպէս կրօնական գրեթէ բոլոր ծիսակատարութիւնները, աւանդաբար ժառանգուած է նախաքրիստոնէական սովորոյթներէն։ Հին հաւատքով սրբադասուած եղած է շարք մը ծառեր։ Գարնանամուտին այդ ծառերը զարդարուած կ՛ըլլայ՝ ճիւղերուն գունաւոր թաշկինակներ կապելով։
Աւագ Շաբաթուայ օրերը կը նշուի իրենց բոլոր խորհուրդներով։
Մուսա Լեռին եօթ գիւղերուն խորթ էր մեծ քաղաքներու աւանդոյթներէն՝ Զատիկի կարկանդակը։ Անոր փոխարեն կը պատրաստէին «պանրուհուց», այսինքն պանիրով հաց, «կաթնըհուց», կաթով բոկեղ (կլոր կամ մանյակաձեւ հաց) եւ այլն։ Սոխի կեղեւներով լեցուած ջուրին մէջ կը խաշեն հաւկիթները։ Զատիկի սեղանի կերակուրներէն մէկն ալ ձուկն է, որը վերջ կը դնէ եօթշաբաթեայ մսեղենի արգելքին։