Ապրիլի 8-ը՝ Հայոց Սրբազան Տոմարի Արեգ ամսուայ Անահիտ օրը, Մայրութեան տօնն է, այսինքն՝ Մայր Անահիտի տօնը։

Աւանդութեան համաձայն, երբ Արեւը կը գտնուի Խոյ համաստեղութեան ներքոյ, մեր իմաստուն նախնիները այդ օրուայ Արեւի ճառագայթը համարած են տարուայ լաւագոյն ճառագայթը, որուն վերագրած են բարեբերութիւն, բարգաիաճում, հարստացում, առողջութիւն եւ այլն։ Այդ բոլոր որակումներու հովանաւորն ու ներկայացուցիչը ինքն է Անահիտ Դիցամայրը, որու պատճառով այդ օրը նուիրած են Մայրութեան։

Արեւմտեան Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը շնորհաւորէ բոլոր կանանց՝ Մայրութեան տօնի առիթով։