
ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի «Համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան» ցանկին մէջ ընդգրկուած Արեւմտեան Հայաստանի Նեմրութ լեռ տանող ճանապարհը ձիւնէն մաքրուած է, որմէ ետք առաջին զբօսաշրջիկները սկսած են այցելել այս պատմական լեռը։
2 հազար 206 մեթր բարձրութեան վրայ գտնուող Նեմրութ լեռին՝ դէպի գագաթը հասնող ճանապարհը բանալու նպատակով անցած շաբաթ փրկարարները, պայքարելով 6 մեթր բարձրութեան հասնող ձիւնի դէմ, բացած են 5 կիլոմեթր երկարութեամբ ճանապարհը։
Նշենք, որ Նեմրութ լեռին զբօսաշրջային շրջանը ամեն տարի 4-5 ամիսով կը փակուի ցուրտ եղանակի եւ ձիւնի տեղումներու պատճառով։