
Արեւմտեան Հայաստանի Ուրֆայ նահանգի Սիվերեք գաւառին մէջ գարնան գալստեան հետ բացուած են իւրայատուկ եւ անկրկնելի, էնտեմիկ տեսակ համարուող շրջուած կակաչները։ Շրջուած կակաչները, որոնք կը պատկանին շուշանազգիներու (Liliaceae) ընտանիքին, կ՛աճին հազարէն երեք հազար մեթր բարձրութեան վրայ՝ Արեւմտեան Հայաստանի Վան, Տերսիմ, Մուշ, Շըրնաք, Պաթման, Հաքքարի, Ատը եաման եւ Մարաշ նահանգներուն մէջ: