
Աշխարհահռչակ ամերիկահայ նկարիչ։ Ծնած է Արեւմտեան Հայաստանի Վանայ շրջանի Հայոց Ձոր գաւառի Խորգոմ գիւղին մէջ;
1915 թուականին Հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան հետեւանքով լքած է վանը եւ մօր ու երեք քոյրերուն հետ գաղթած են Էջմիածին, ապա՝ տեղափոխուած Երեւան։
1924 թուականին տեղափոխուած է Նիւ Եորք։ 1924 թուականին Ոստանիկ Ադոյեանը կ՛անվանափոխուի Արշիլ Կորքիի։ 1933 թուականին կը միանայ նկարիչներու օգնութեան կառավարական ծրագիրին (PWAP) եւ պատուերով կը ստեղծէ Նիւ Եորքի օդանաւակայանի որմնանկարային տեսարանը։ 1938 թուականին Կորքին Հայաստան կ՛ուղարկէ չորս ստեղծագործութիւն։ 1939 թուականին կը մասնակցի Նիւ Եորքի համաշխարհային ցուցահանդէսի դեկորատիւ աշխատանքներուն։
Կորքիի նկարները ցուցադրուած են ԱՄՆ բոլոր մեծ պատկերասրահներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Լոնտոնի «Թեյթ» պատկերասրահին մէջ:
վախճանած է 1948 թ․ Յուլիսի 21-ին։