
Western Armenia TV-ի եթերով Արեւմտեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմենակ Աբրահամեանը խօսեցաւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՝ բնիկ հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան հետեւանքներու մասին, որու ժխտողականութիւնը եւ հատուցման չիրագործումը 2020 թուականին հանգեցուց Արցախեան պատերազմի ժամանակ ատրպէյճանաթուրքական բանակի կողմէ իրականացուած ռազմական շարք մը յանցագործութիւններու եւ խաղաղ բնակչութեան կոտորածի:
Պարոն Աբրահամեանը նշեց, որ 1915 թուականը , որը նշանաւորուած է որպէս ցեղասպանութեան, ջարդերու սկիզբ, յիշեցուց, որ իրականութեան մարդկային կոտորածները սկսած են 1800-ականներու վերջը՝ Սասունի, Վանի եւ այլ շրջաններու մէջ:
Անդրադառնալով ՀՀ-ի եւ Ատրպէյճանի կողմէ քննարկուած «խաղաղութեան պայմանագիրին», ըսաւ, որ այսօր Ատրպէյճանը զաւթողական ճանապարհով կը շարժի, Պաթումի պայմանագիրով, այն պարագային, երբ այդ ընդհանրապէս ուժ չունի, որու հիման վրայ Ատրպէյճանը «բացած է ախորժակը» այլեւ, եթէ այսպէս շարունակուի, ցեղասպանութիւնը կրկին տեղի կ՛ունենայ ֆիզիկական եւ լուրջ տարածքային կորուստներով: Այն քաղաքական ուժերը որոնք հրաժարուեցան Արեւմտեան Հայաստանի հարցէն, այսօր պատասխանատուութիւն ունին Արցախի վիճակի համար: