
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը իրականացուած ինժեներական աշխատանքներու ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան Ճարտար գիւղի շրջանին վնասազերծած է հրետանային դիրք:
Յայտնած է ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի Թելեկրամի ալիքը:
Նշուած է, ընդհանուր առմամբ այդ դիրքին մէջ ոչնչացուած է 152 մմ տրամաչափի երկու հրանօթ եւ 60 արկ: