
Հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը այն իրադարձութիւններէն է, որը երբեք, նոյնիսկ դարեր ետք չի մոռցուիր։ Պէտք չէ դիտարուկի որպէս անցեալի, պատմութեան խնդիր։ Անոր կործանարար հետեւանքներն ու պատճառած ցաւը դեռ թարմ են, ինչպէս երեկ։ Չնայած մարդասպաններու բոլոր ժխտողականութեանը եւ անտեսման ջանքերուն, ցեղասպանութիւնը կը մնայ որպէս փաստ թուրքական պետութեան հաստափոր հատորներով քրէական գործին եւ կը շարունակուի մինչեւ օրս:
Քսաներորդ դարի առաջին մեծ ցեղասպանութիւնը, իրականութեան կանանց եւ երեխաներու կոտորած էր: Այդ քաղաքակրթութեան եւ մշակոյթի սպանդ էր։ Այդ հողերու եւ մտքի անապատացում էր։ Այդ ժողովուրդի ամբողջական վերացումն է՝ բռնի կերպով հեռացնելով այն հողերէն, որտեղ անոնք ապրած են հազարաւոր տարիներ:
Ցեղասպան մարդասպաններու՝ Թալեաթէն մինչեւ Մուսթաֆա Քեմալ, այնտեղէն մինչեւ Ռ.Թ.Էրդողան, միատարր թուրք ազգ ստեղծելու փորձի ամենամեծ խոչընդոտը եւ հիմայ Արեւմտեան Հայաստանի հողերուն վրայ ապրող միլիոնաւոր քիւրտրտերու եւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու առկայութիւնն է։