
Երուսաղեմի մէջ տեղի ունեցած է հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան 107-րդ ոգեկոչման նուիրուած բողոք-երթ: Այս մասին յայտնած է Երուսաղեմի Հայոց պատրիարքարանի դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Պաղտասարեանը:
Երթի մասնակիցները Երուսաղեմի Սուրբ Յակոբեանց մայր տաճարէն քայլած են դէպի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի, որտեղ ցեղասպանութեան նահատակներու բարեխօսութեան կարգ կատարուած է: Այնուհետեւ երթի մասնակիցները, ովքեր քայլերթին մասնակցած են «Մենք կը քայլենք՝ հանուն արդարութեան» գրութեամբ պաստառով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրոշներով շարժուած են դէպի հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան յուշարձան, որտեղ մոմավառութիւն կատարուած է:
Ապրիլի 24-ին նախատեսած են բողոքի ցույց կազմակերպել Երուսաղեմի մէջ Թուրքիոյ
հիւպատոսարանի դիմաց: Նոյն օրը՝ երեկոյեան յիշատակի միջոցառում կը կազմակերպուի Ժառանգաւորաց վարժարանի տարածքին: