
Իրանի Թավրիզ քաղաքին մէջ կը բացուի հայկական թանգարան, յայտնած է Մշակութային ժառանգութեան, ձեռարուեստի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան նահանգային բաժինի ղեկավարը։
Ահմատ Համզաեհզադեն այս մասին ըսած է Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Չիֆթչեանի հետ հանդիպման ժամանակ՝ ընդգծելով, որ պատմական հայկական յուշարձաններու պահպանութիւնը վարչութեան կարեւորագոյն պարտականութիւններէն է։
«Նահանգին մէջ բազմաթիւ հայկական յուշարձաններ կան եւ գլխաւոր տնօրինութեան կողմէ ձեռնարկուած է հատուկ միջոցառումներ անոնց վերականգնման, պահպանման համար, եւ այդ միջոցառումներէն ետք օրակարգին մէջ է Թավրիզի մէջ հայկական թանգարանի վերաբացումը»,- ըսած է Համզաեհզադեն։
Ան հաւելած է, որ նահանգին մէջ կան անգնահատելի հայկական յուշարձաններ, որոնցմէ կը թուի Սուրբ Ստեփանոս վանքը, որը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍԿՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան տեսարժան վայրերու ցանկին ։
Հայ ժողովրդական «Երկինքն ամպել է»