
Պուլկարիայի մէջ ընթացող Եւրոպայի բռնցքամարտի երիտասարդներու առաջնութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ, 60 կգ քաշային Էրիկ Իսրայելեանը դարձաւ ոսկէ մետալակիր: Եզրափակիչ մենամարտին Իսրայելեանը վստահ յաղթանակ տարաւ Պուլկարիայի ներկայացուցիչ Կիրիլ Պարիսովի նկատմամբ: Էրիկ Իսրայելեանը Եւրոպայի երիտասարդներու առաջնութեան 5 յաղթանակ տարած է, որմէ 3-ը՝ նոկաուտով: Հայաստանի հաւաքականէն եզրափակիչին հանդէս եկած է նաեւ 67 կգ քաշային Արես Հակոբեանը, ով դարձած է արծաթէ մետալակիր:
Վրաստանը ներկայացնող ախալքալաքցի բռնցքամարտիկ Կոռ Այվազեանը նոյնպէս դարձաւ բռնցքամարտի Եւրոպայի չեմպիոն՝ Վրաստանի համար նուաճելով առաջին ոսկին։
Արեւմտաան Հայաստանը կը շնորհաւորէ իր զաւակներու յաղթանակը, ցանկանալով նոր եւ աւելի մեծ յաղթանակներ։
