
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, ՊԲ հրամանատար, գեներալ-լեյտենանտ Կամօ Վարդանեանը ընդուած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի Արցախի առաքելութեան պատուիրակութեանը՝ ղեկավար Նիկոլաս Ֆլորիի գլխաւորութեամբ:
Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութոնէն:
Հանդիպման ընթացքին քննարկած են հումանիտար բնոյթի լայն շրջանակի հարցեր, երկու կողմը պայմանաւորուածութեան հասած է՝ համագործակցութեան յետագայ խորացման ուղղութեամբ:Կամօ Վարդանեանը Նիկոլաս Ֆլորիին շնորհակալութիւն յայտնած է Արցախի մէջ իրականացուող մարդասիրական տարբեր ծրագիրներու եւ հատկապէս հետպատերազմական իրողութիւններով պայմանաւորուած խնդիրներ լուծելու համար եւ պատրաստակամութիւն յայտնել այսուհետ եւս ամեն ինչ կատարել առաքելութեան գործունէութեան աջակցելու համար: