Ապրիլի 24-ին, Արեւմտեան Հայաստանի պատուիրակութիւնը՝ վարչապետ Սեդա Մելիքեանի եւ ԱԺ նախագահ Նելլի Հարութունեանի գլխաւորութեամբ այցելեցին հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր։ Պատուիրակութեան կազմին մէջ է՝ ԱՀՀ պատգամաւորներ, քաղաքացիներ եւ Արեւմտեան Հայաստանի զաւակներ՝ աշխարհի տարբեր վայրերէն։ Պատուիրակութիւնը ծաղկեպսակ տեղադրեց յուշահամալիր՝ ոգեկոչելով անմեղ զոհերու յիշատակը։