Սիրելի ընկերներ, սիրելի հայրենակիցներ,

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ականաւոր ներկայացուցիչ, Արժանապատիւ Տէր Խաչատուր ՊՈՂՈՍԵԱՆ,

Քաղաքային խորհրդական, թվային, նոր տեխնոլոգիաներու եւ վետերաններու հարցերով պատուիրակ Բիեռ ՌԵՎԵՏ-ՍԵՐՎԵՏԱԶ, 

CCAS-ի տնօրէն Էրիկ ԲԵՐՏՐԱՆ, 

Տիկնայք եւ պարոնայք, Հանրապետութեան յարգարժան պաշտօնեաներ,

Alpes-Maritimes-ի գերատեսչական խորհրդական Տիկին Ալեքսանտրա ՄԱՐՏԻՆ,

Ալպեր-Մարիթայմսի գերատեսչական խորհրդական Դաւիթ ԿՈՆՈՊՆԻՑԿԻ,

Մանտելիէ-լա Նապուլի հայկական միութեան նախագահ տիկին Քերոլին ՕՀԱՆՆԵՍԵԱՆ. 

Դրոշակակիրներու նախագահ  Սերժ ԴՈՆԶԵՅ,

Հայ մարտիկներու եւ համակիրներու ազգային ասոցիացիայի նախագահ պարոն ՎրեԺ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ.

Քաննի եւ շրջակայքի հայերու միութիւն,

Տիկնայք եւ Պարոնայք, վետերաններ եւ կազմաւորուած մարմիններու, քաղաքացիական եւ ռազմական անվտանգութեան ղեկավարներ,

Մանտելիէ-լա Նաբուլի հայկական շրջանակի նախագահ Տիկին Քերոլին ՕՀԱՆՆԵՍԵԱՆ.

Տիկնայք եւ Պարոնայք  ասոցիացիայի ղեկավարներ,

Տիկնայք եւ Պարոնայք դրոշակակիրներ,

Թոյլ տուէք բոլորիդ յայտնել իմ շնորհակալութիւնը՝ 1894-էն 1923 թուականներուն հայ ժողովուրդի դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի այս օրը ձեր հաւատարմութեան եւ համերաշխութեան համար:

 Ո՞վ կը հաւատար, որ թուրքական յաջորդական օկուպացիոն կառավարութիւններէն պիտի պահանջուէր 30 տարի  բնիկ Արեւմտեան Հայաստանի հայերու բնաջնջման ծրագիրն իրականացնելու համար, ովքեր հազարամեակներ ապրելով եւ գոյատեւելով իրենց պապենական տարածքին մէջ՝  կերտած են քաղաքակրթութիւն։

Ո՞վ կմտածեր, որ այս յանցագործութիւնը կիրառուած է  բնիկ հայ ազգի եւ անոր  պետութեան դէմ, որը դէ ֆակտօ ճանաչուած է 1920 թուականի Յունուարի 19-ին եւ դէ յուրէ 1920 թուականի Մայիսի 11-ին դաշնակից եւ միացեալ տերութիւններու կողմէ, եւ  որը Անտանտի ուժերու ռազմատենչ գործողութիւններու ժամանակ, կռուելով անոր կողմէ՝  մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան արժէքները պահպանելու համար տուած է իր որդիներէն աւելի քան 500,000-ին: Մինչդեռ  այդ նոյն ուժերը թոյլ տուած են   յանցագործ Թուրքիային՝ առանց միջազգային  համաձայնութիւններու եւ պայմանագիրներու յարգանքի, դառնալ ՄԱԿ-ի անդամ, իսկ Արեւմտեան Հայաստանին՝ ալ աւելի հեռու մնալ միջազգային հանրութենէն։

Ո՞վ կմտածեր 2018 թուականին, երբ երկու վարչական դատարաններ կասկածի տակ դնելով Ֆրանսիայի եւ Արցախի միջեւ բարեկամութեան պայմանը՝ պնդած են, որ Ֆրանսիան չի ճանչնար Արցախի անկախութիւնը, մինչդեռ Արցախի մարզի՝ որպէս անկախ ճանաչուած Արեւմտեան Հայաստանի անբաժանելի մաս, արդեն հաստատուած էր 1920թ.։ Արդեօ՞ք Ֆրանսիայի այս վարչական գործողութիւնները հող կը պատրաստէին խորհրդային օրենսդրութեան վրայ հիմնուած Ատրպէյճանի կողմէ  պատերազմ սկսելու համար եւ անով իսկ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկած են Հայերու ցեղասպանութեան յանցագործութեան համար:

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային խորհուրդն այս հարցի վերաբերեալ աւելին կիմանայ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ  ներկայացուած հայցով, որը շուտով կը տեղեկացուի։

Ո՞վ կը հաւատար, որ 2020 թուականին հազարաւոր տարիներ շարունակ իրենց պապենական տարածքին մէջ գտնուող արցախահայութիւնը կը դառնայ Ատրպէյճան մականունով պետութեան այսպէս կոչուած անջատողական փոքրամասնութիւն, որը ձեւաւորուած է 1920 թուականի Մարտին՝ Շուշիի ջարդերու ընթացքին  այս  նոյն բնիկ բնակչութեան ջարդերէն ետք անոնց իսկ տարածքին մէջ։ 

Ո՞վ կը մտածեր, որ 2022-ին, 2020-էն ետք, որն աւարտուեց հայերու համար արիւնահեղութեամբ 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ, որու միակ նպատակն էր թոյլ չտալ աշխարհասփիւռ հայերուն պահանջել իրենց օրինական իրաւունքները իրենց պետութեան՝ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ։  

Փետրուարի 25-ին Ռուսաստանի զինուած ուժերու ուժեղ կրակի տակ մնալու հերթը Ուկրաինայինն էր՝ Տոնպասի եւ Լուգանսկի շրջաններու ռուսախօս բնակչութեան դէմ  ուկրաինական ռեժիմի չյայտարարուած պատերազմէն  գրեթէ ութ տարի ետք։

Այնպէս որ, Արեւմտեան Հայաստանի, այդ թիւին՝ Արցախի համար երկակի ստանդարտներով խորհրդային կարգերը կը գործեն, իսկ Ուքրանիայի համար՝  ոչ։

Ո՞վ կմտածեր, որ  այն պատճառով , որ չի կիրառուիր միջազգային հանրային իրաւունքը , հայերու դէմ իրագործուած ցեղասպանութիւնը եւ մարդկութեան դէմ գործուած այլ յանցագործութիւնները կը շարունակուին այսօր. երեկ՝ ԴԱԻՇ-ի ջիհադիստներու կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ, իսկ այսօր Արցախի մէջ՝ օգտուելով մեծ պետութիւններու եւ Եւրոպական համայնքի աջակցութենէն՝ հետապնդել ու ոչնչացնելու խաղաղ բնակչութեանը՝  հայերուն, եզտիներուն, ասորի-քաղդեացիներուն եւ այլք:

Այն աստիճան, երբ գլխաւոր հերոսներն այսօր կը փորձեն կեղծել միջազգային իրաւունքը՝ կազմակերպելով նոր պատերազմ, որպէսզի կարողանան վերանայել Սեւրի պայմանագիրը նոր խաղաղութեան պայմանագիրով, հետեւաբար՝ մինչեւ այժմ գոյութիւն չունեցող նոր սահմաններով,ետքը Հայաստանի Հանրապետութեան կազմալուծումը 1920 թուականին՝ Խորհրդային Միութեան ներկայիս մնացորդներու եւ ոչ լեգիտիմ օրենսդրութեան հիման վրայ, եւ Թուրքիոյ կողմէ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքային զինագրաւուելու փաստացի հաւանութենէն ետք։

Այսպիսով, այո, «ցեղասպանութիւն տարածքի դէմ»՝ ջարդերու շռայլութիւնը կը շարունակուի ձեր աչքի առջեւ: Հայերու ցեղասպանութիւնը երբեք չէ եղած յիշատակի կամ պատմական խնդիր, ինչպէս ոմանք կը կամենային հաւատացնել մեզ , այդ  արդիական խնդիր է:

Եւ, այս հարցն առաւել արդիական է, քանի որ միջազգային իրաւունքը  յարգուած չէ  այս գլխապտոյտ շտապողականութեան ժամանակ, որը մենք կը ցանկանանք դատապարտել, եւ որն ամբողջ մոլորակը կը տանէ աղետի։

Չդատապարտուած ցեղասպանութիւնը ժամանակի ընթացքին կը շարունակուի , ուստի 1939 թուականին նախքան Լեհաստան ներխուժել Հիտլերի հնչեցուցած խօսքերը դեռեւս կը յիշուին. «Ո՞վ  այսօր կը յիշէ հայերու բնաջնջումը»: 

Ահա, ուրեմն, իրականութիւն, ճշմարտութիւն, որը ենթակայ է գրաքննութեան, խեղաթիւրելու, կեղծելու  եւ մշտական ​​ժխտողականութեան՝ անբարեխիղճ անձերու կողմէ, որոնք կը պնդեն, թէ հայերու ցեղասպանութիւնն իրագործուած է Անատոլիայի մէջ, մինչդեռ այն իրագործուած է Հայաստանի մէջ (տես Եռակի Անտանտ Մայիսի 24-ի հռչակագիրը)։ Նպատակը, հայ ժողովուրդին դարերով ջախջախելով  կամ հաշմանդամ դարձնելով՝ անոր վերջնականապէս ոչնչացնելն է։ 

Յատկապէս այս բնաջնջելու փորձերու դէմ է Արեւմտեան  Հայաստանը, աշխատելով իր ամենօրեայ   պայքարին, որու նախագահն եմ Ես։    

Այդ պատճառով մենք նաեւ կը ցանկանանք հանրային յարգանքի տուրք մատուցել Պարոն Անտրէ   Աշիերիի՝ Մուան-Սարտուի քաղաքապետարանի նախկին փոխքաղաքապետի յիշատակին, ով մեզ լքեց 2021 թուականի Դեկտեմբերի վերջը, որն առաջինն էր, որ հստակեցում մտցուց 1998 թուականի Մայիսի  13-ի՝ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան   ճանաչման  մասին օրինագիծի մէջ։ 

Առաջարկ, որը, ով գիտէ, թէ ինչպիսի հնարքով 2001 թուականին վերածուեց այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, մինչդեռ որպէս մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն՝ այս ցեղասպանութիւնը թուրքական է։

Հիրաւի, առանց արժէքներու, առանց յիշողութեան, առանց արդարութեան եւ առանց հատուցման, անկասկած աշխարհը կը սուզուի խավարի մէջ : Եւ  այս պատճառներով է, որ մենք այսօր դեռ միասին ենք։

Պարոն քաղաքապետ, կ՛ուզեմ համերաշխութեան այս օրը հղել Ձեզ իմ շնորհաւորանքները այն որակի եւ վեհութեան համար, որ կարողացաք տալ Ապրիլի 24-ի այս համազգային ոգեկոչմանը։

Սիրելի հայրենակիցներ, սիրելի ընկերներ կ՛ուզեմ արտայայտել իմ յարգանքը ձեր եղբայրութեան հանդէպ,

Կ՛եցցէ Ֆրանսիան, կ՛եցցէ ֆրանսիացի ժողովուրդը,

Կ՛եցցէ Արեւմտեան Հայաստանը, կ՛եցցէ Արցախը եւ  Հայ ժողովուրդը։ Շնորհակալութիւն․

24.04.2022 թ

Արմենակ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Արեւմտեան Հայաստանի Ազգային Խորհուրդի Նախագահ