
2022 թուականի Ապրիլի 24-ին ՝ ժամը 12:00-ին, Լիոնի Անտոնին Պոնսի հրապարակին մէջ տեղի ունեցաւ hայերու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի արարողութիւն, որը կազմակերպել էր Արեւմտեան Հայաստանի ազգային խորհուրդը ՝ հայ վետերաններու եւ համակիրներու ազգային ասոցիացիայի, Ֆրանսահայ վետերաններու եւ դիմադրութեան մարտիկներու ասոցիացիայի, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի խորհրդարանի պատգամաւորներու մասնակցութեամբ:
Այս առիթով հնչած է Արեւմտեան Հայաստանի ազգային խորհուրդի պաշտօնական ուղերձը ֆրանսերէնով եւ հայերէնով։ Արեւմտեան Հայաստանի ազգային խորհուրդի անունով ծաղկեպսակներ տեղադրեցին, հնչեց Արեւմտեան Հայաստանի ազգային օրհներգը՝ «Զարթիր լաօ»-ն, որը խաթարեց յայտարարուած լռութեան վարկեան:
Դրոշակակիրներուն ուղղուած ողջոյնի խօսքով պաշտօնական արարողութիւնը յայտարարվեց փակուած։
