Western Armenia TV-ի եթերով պատմաբան Աշոտ Հարութունեանը խօսեցաւ Արցախյան 44 օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած տարածքներէն ՀՀ-ի եւ այլ երկիրներուն մէջ ժամակաւոր բնակութիւն հաստատած բնակչութեան ընդհանուր սպասելիքներէն: Նշելով, որ ՀՀ տեղափոխուելէ ետք միայն Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութիւնն զբաղուած է իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեամբ: Ըստ այդ, Պարոն Հարութունեանը խորհուրդ տուաւ Արցախի Հանրապետութեան կառավարութիւնը բանակցութիւններու սեղանի շուրջ նստիլ Արեւմտեան Հայաստանի կառավարութեան հետ: 

Պատմաբանը մանրամասնօրէն ներկայացուց բնակիչներուն հուզող հիմնական խնդիրները, կարեւորելով փախստականի կարգավիճակի ստացումը եւ առանձին բնակվայրի կառուցումը, որը հնարաւորութիւն կու տայ պահպանել Շուշի քաղաքին յատուկ կոլորիտը: