Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Տերսիմի կոտորածը սկսած է 1937 թուականի Մայիսի 4-ին։  

Թէ եւ թուրքական կառավարութիւնը այս ջարդերը որակած է որպէսէ պատժամիջոց անհնազանդ քրտերու եւ ղզլպաշ ցեղախուբերու դէմ, ըստ էուեան այն նոր ցեղասպանութիւն մըն էր՝ մասնաւորապէս 1915 թուականի հայերու ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած եւ հայրենի բնօրրանին մէջ ծպտեալ կերպով ապրող հայերու դէմ։ 

Մեծածաւալ ջարդերն աւարտուեցաւ 1938 թուականին։ 

Նախկին արտաքին գործերի նախարար,  Տերսիմի ջարդերու պատասխանատու Իհսան Սապրի Չաղլայանկիլը իր յուշերուն մէջ ըսած է. «Անոնք ապաստանած են քարանձաւներուն մէջ։ Բանակը թունաւոր կազ կիրառելով՝ առնետներու նման թունաւորած էր անոնց։ Այսօր վերջապէս մենք հեշտությամբ կարող ենք մտնել Տերսիմ»։

1937-38-ին Տերսիմցիներու դէմ իրականացուած գործողութիւններու արդիւնքին  տասնեակ հազարաւոր մարդիկ կոտորուած են։ Հազարաւոր մարդիկ բռնի աքսորուեցան հայրենի հողէն։ Տերսիմցի հազարաւոր երեխաներու, յատկապէս աղջիկներու, պոկելով  իրենց ընտանիքներէն՝ որդեգրման յանձնեցին այլ ընտանիքներու։

Թէ եւ կոտորածէն անցած է 85 տարի, սակայն վերքերը դեռ չեն փակուած։