
Ֆրանսիայի Սենատի Ֆրանսիա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպեր-Լիուկ Տըվինազի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Մայիսի 3-ին Ազգային ժողովի Հայաստան-Ֆրանսիայ բարեկամական խումբի ղեկավար Վլատիմիր Վարդանեանի ուղեկցութեամբ այցելած է Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր:
Ֆրանսիացի պատգամաւորները Հայերու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակի մոտ, ծաղիկներ խոնարհեցին եւ մէկ վարկեան լռութեամբ յարգեցին Սուրբ նահատակներու յիշատակը:
Հիւրերն այցելած են նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ, ծանօթացան Եղեռնը հաւաստող վավերագրերուն եւ փաստաթուղթերուն:
Ֆրանսիայ-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավար Ժիլպեր-Լիուկ Տըվինազը գրառում կատարած է յուշամատեանի մէջ: