Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններու մեկնարկը, որու ուղղութեամբ կողմերը շարժուած են, դեռ հեռու կը թուի։ Ատրպէյճանական կողմը նշած է, որ նման պայմանագիր կնքելու ժամանակ կողմերը պէտք է ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնը, եւ անոր «կը նպաստէ ատրպէյճանական բանակի հզօրացումը»։

Միաժամանակ Պաքուն կոչ կ՛ուղղէ համաշխարհային հանրութեան զէնք չմատակարարել Հայաստանին եւ կը պահանջէ անհապաղ զինաթափել չճանաչուած Արցախի պաշտպանութեան բանակը։ Հայաստանի իշխանութիւնները յայտարարած են, որ իրենց համար կարեւոր են Արցախի ժողովուրդի ազատութեան, իրաւունքներու եւ անվտանգութեան երաշխիքները։ Բայց թէ ինչպէ՞ս կարող են երաշխաւորուիլ Արցախի հայերու ազատութիւնը, իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը ատրպէյճանական տարբերակով, կարծէս թէ, ոչ մէկ չէ մտածած։ Պաքուն նոյնիսկ չի ցանկանար վերանայիլ իր քաղաքական բառապաշարը։ Իսկ Արցախի մէջ մոտ 120 հազար բնակիչ կայ։

Ո՞վ չուզեր խաղաղութիւն, բայց այն ամենի ֆոնին, ինչ տեղի կ՛ունենայ, անհնար է վստահիլ Ատրպէյճանի «բարի կամքին»…Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ բանակցութիւններու հեռանկարները, նոյնիսկ Ռուսաստանի օգնութեամբ, մշուշոտ են։ 

Արեւմտեան Հայաստանն ամբողջութեամբ կը մերժէ Արցախի ցանկացած զիջում Ատրպէյճանին։