
Թուրքական պետութեան եւ աշխարհի տարբեր երկիրներու աւելի քան 500 ալեւիական կազմակերպութիւններ սատարած են Աւստրիայի մէջ «Ալեւիութիւն»-ը որպէս սեփական հաւատք ընդունելու նախաձեռնութեան։
Համատեղ յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Այս որոշումը մեծ ձեռքբերում է Ալեւի համայնքի համար, որու հաւատքը իր սեփական հայրենիքի մէջ կ՛ենթարկուի հալածանքի, կը համարուի արգիլուած հաւատք, կը գտնուի ձուլման ենթարկուելու վտանգի տակ եւ կ՛ենթարկուի կրօնի պարտադիր դասընթացներուն մասնակցելու պետական որոշման»:
Նախաձեռնող կազմակերպութիւնները յայտարարեցին, որ իրենց 13 տարուայ իրաւական պայքարի արդիւնքին Աւստրիան հաւանութիւն տուած է այս առաջարկին եւ «Ալեւիութիւն»-ը ընդունած է որպէս այս ազգային փոքրամասնութեան բնորոշ հաւատք,
որուն ողջունած են ոգեւորութեամբ։