Թուրքական «Daily Sabah» թերթը հրապարակած է յօդուած մը, որը վերնագրուած է՝ «Երկու ամսուայ մէջ 34․500 զբօսաշրջիկ այցելած է Թուրքիայի հնագոյն քաղաք Անի»:

Հայերու ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի գիտաշխատող Նաիրա Սահակեանը թանգարանի կայքին տեղադրած իր յօդուածին մէջ գրած է. «Առաջին հայացքէն այս լուրը կը թուի անվնաս եւ նոյնիսկ դրական, քանի որ մեծ թիւով մարդիկ ծանօթացած են հնագոյն քաղաքին, անոր հիասքանչ մշակութային ժառանգութեան։

Սակայն եթէ ուշադիր կարդաք, կը հասկնաք, որ այդ անմեղ տեղեկատուութեան տողերուն տակ բոլորովին այլ նպատակ է՝ փոխել հայկական միջնադարեան ժառանգութեան ինքնութիւնը։

Թուրքական թերթին այդ յաջողուած է։ Յօդուածը ոչ միայն չի անդրադառնար Անիի հայկականութեան, այլեւ նոյնիսկ կը փոխէ քաղաքի ինքնութիւնը՝ ներկայացնելով որպէս իսլամական մշակութային ժառանգութիւն։ 

Թուրքիան այս քաղաքականութիւնը չի վարեր միայն հայկական մշակութային ժառանգութեան նկատմամբ․ Անոր ամենավառ օրինակը Սուրբ Սոֆիայի տաճարն է, որը վերածուեցաւ մզկիթի։