
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա կաթողիկոսը, Twitter-ի իր էջին անդրադառցած է Արցախի շուրջ տիրող ընդհանուր իրավիճակին, գրած է, որ Արցախի ժողովուրդը քաջութիւն ունի մերժելու անվտանգութեանն սպառնացող ցանկացած առաջարկ կամ համաձայնութիւն, որը կը փորձեն իրականացնել։
Ինչպէս կը յիշենք, Արցախի նախագահ Արայիկ Հարութունեանը Արցախի Հանրապետութեան տեսչական պալատի պատասխանատուներու հետ հանդիպման ժամանակ անդրադառցած է ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին Արցախի ապագայ կարգավիճակի վերաբերեալ տարաբնոյթ շահարկումներուն՝ յայտարարեց, որ արցախեան պետութիւնը թոյլ չի տար անոնք եւ երբեք չի հրաժարուիր ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքէն։Աւելի վաղ (Արեւելեան) Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը կամայականօրէն յայտարարած էր, որ միջազգային հանրութիւնը խօսած է Արցախի կարգավիճակի նշաձողն իջեցնելու անհրաժեշտութեան մասին։