
Արևմտյան Հայաստանի Եդեսիա-Ուրֆան պատմական քաղաք է Վերին Միջագետքի մէջ, որը հին ժամանակէնէ կոչուած էր նաեւ Հայկական Միջագետք:
1144 թ. Եդեսիան գրաւսծ, աւիրած եւ բնակչութեան բնաջնջած է Հալէպի էմիր Զանգին: Քաղաքի համար ճակատագրական այդ արհաւիրքին նուիրուած է Ներսէս Շնորհալիի յայտնի «Ողբ Եդեսիոյ» աշխատութիւնը: Յետագային քաղաքը ընդմիշտ մնաց թուրքական տիրապետութեան տակ:
Եդեսիան մշակոյթի մեծ կենտրոն եղած է:
1895 եւ 1915 թթ. հայերու ջարդերու ժամանակ Եդեսիոյ մէջ սպաննուեցան հազարաւոր հայեր, իսկ կենդանի մնացածներուն տեղահանեցին տարբեր ուղղութիւններով: Այժմ քաղաքին մէջ կ՛ապրի շուրջ 1000 հայ, որոնք այստեղ վերադարձած են տարագրութենէն: